Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանցի երեսփոխան Ռամին Մամետով նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապերու պատասխանատու

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ Ազերպայճանի միլլի մեճլիսի (խորհրդարան) երեսփոխան Ռամին Մամետով նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապերու պատասխանատու։ 

Նոյն աղբիւրները նշած են, թէ՝ Մարտ 1-ին Մամետով հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի «հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներուն» հետ, Ռուսաստանի խաղաղապահներու կեդրոնին մէջ։

«Հանդիպումին մասնակցած է Բնական աղբիւրներու ապօրինի շահագործման հարցերու խումբի ղեկավար Մասիմ Մամետով։ Խումբին մէջ ներառուած են  Բնապահութեան եւ բնական աղբիւրներու նախարարութեան, Տնտեսութեան նախարարութեան գոյքի հարցերու պետական ծառայութեան եւ AzerGold ընկերութեան փորձագէտները։

Կողմերը քննարկուած են հայ բնակիչներու վերահամարկումը՝ Ազերպայճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան։ Ազերպայճանի Հանրապետութեան Ղարաբաղի շրջանը բնակող Հայերուն հետ շփումները կը շարունակուին»,– գրած են լրասփիւռները։