Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանցիները ոչնչացուցած են Ստեփանակերտի հերոսներու պանթէոնը

 

Ազերպայճան պետական մակարդակով կը շարունակէ ոչնչացնել բռնագրաւուած Արցախի մէջ գտնուող յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներուն նուիրուած համալիրները։ Այս մասին  ահազանգ կը հնչեցնէ «Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան միութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան Յովիկ Ավանէսով։

«Պաքուի քաղաքականութեան հերթական թիրախը դարձաւ Ստեփանակերտի հերոսներու պանթէոնը։ Սոյն տեղեկութիւնը տարածուած է ազերպայճանական թելեկրամ ալիքներով», նշած է ան։