Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճանի դատախազութիւնը կը խոստանայ կարելիին չափ արագ ձերբակալել ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը

Ազէրպայճանի իրաւապահները մտադիր են «սեղմ ժամանակի ընթացքին ձերբակալելու» Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Այս մասին յայտարարած է Ազէրպայճանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան պետ Նեմաթ Ավազով։

“Հետաքննութիւնը կը շարունակուի։ Յարութիւնեան, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «ինքնահռչակ վարչակարգի առաջնորդ», կարելիին չափ արագ պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուի յատուկ ծառայութիւններու գործադիր վարչութիւններու և հետախուզական գործակալութիւններու կողմէ”,–  լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտնած է ազէրպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Ազէրպայճանական աղբիւրներու համաձայն՝ Պաքու Յարութիւնեանը կը մեղադրէ «Գեանճայի վրայ հրթիռային յարձակման» յանցանքով։ “Ան կ՚ամբաստանուի 2020-ին Գեանճայի խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ  իրագործուած չորս ահաբեկչութիւններու յանցանքով, որոնց հետեւանքով մահացան 26 եւ վիրաւորուեցան 175 խաղաղ բնակիչներ”,– ըսած է Ազէրպայճանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան պետը։

Փետրուար 15-ին Ավազով պնդած է, թէ Յարութիւնեան ընկերային ցանցերու մէջ խոստովանած է, որ ինք եղած է քաղաքին վրայ յարձակման նախաձեռնողը։