Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանը մեղադրած է ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները Պաքուի հետ բախումի մղելու փորձով՝ վստահեցնելով, որ այդ փորձերը «տապալած են»։
“Մենք ՀԱՊԿ-ի անդամ չենք։ Հայաստան այդ կազմակերպութեան անդամ է, եւ այդ կազմակերպութեան միջոցով նպատակ ունէր անհիմն պահանջներ ներկայացնելու Ազերպայճանին, բայց իրականութեան մէջ կ՚ուզէր անդամ երկիրները բախումի մղել Ազերպայճանի հետ։ Սա մեծ գրգռութիւն եւ յանցագործութիւն է”,– ըսած է Ալիեւ, աւելցնելով որ՝ «Հայաստանի այդ փորձը ձախողեցաւ եւ ՀԱՊԿ-ի երկիրները չենթարկուեցան ատոր»։ “Սա կը նշանակէ, որ Կազմակերպութեան անդամ մեր բարեկամները աւելի շատ են, քան Հայաստանինը։ Ինչո՞ւ Հայաստանի նկատմամբ վերաբերումը այդքան բացասական է։ Որովհետեւ անոնք ամէն տեղ կը ստեն, եւ իրենց հարցերը լուծելու համար, ինչպէս կ՚ըսեն, դուռ չէ մնացած, որ չզարնեն։ Այս ամէնը ակնյայտ է, բոլորը գիտեն այդ մասին”,– նշած է ան։