Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ. «Հայաստան պէտք է յստակօրէն ըսէ, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ արեւմտեան ազերպայճանցիները կրնան վերադառնալ իրենց հայրենի հողերը»

Մայիս 21-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Հայաստան «պէտք է» յստակօրէն ըսէ, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ «արեւմտեան ազերպայճանցիները» կրնան վերադառնալ իրենց «հայրենի հողերը»:

Ան բողոքած է, որ հայ հասարակութեան մէջ «խորունկ ատելութիւն կայ թուրք ժողովուրդներու նկատմամբ», կը պահպանուին Մեծն Հայաստանի «երազանքները», իսկ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ «տարածքային պահանջները» արձանագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ։ «Հայաստան պէտք է հրաժարի դրացի պետութիւններու նկատմամբ տարածքային պահանջներէն եւ քայլերու ձեռնարկէ ազերպայճանցիներու մշակութային ժառանգութիւնը վերականգնելու եւ պաշտպանելու համար»,– ընդգծած է ան։