Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ նշած է՝ «Հայաստանի համար 29.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի մէջ հանգիստ ապրելու» պայմանը

Մարտ 18-ին, «Նովրուզ» տօնին առիթով, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թալիշ գիւղէն պատգամ յղած է իր ժողովուրդին։ “Այսօր մենք հայրենի Ղարաբաղի հողին վրայ ենք, հայրենի Զանգեզուրի հողին վրայ, եւ յաւերժ այստեղ պիտի ըլլանք։ Ազերպայճանցի ժողովուրդը իրաւամբ կ՚ապրի հպարտութեան զգացումով”,– ըսած է ան։

Ըստ երեւոյթին Պաքուի բռնապետը բնա՛ւ չէ տպաւորուած տարբեր երկիրներու բազմաթիւ յայտարարութիւններէն՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի անօրինական բռնագրաւման եւ Արցախի շրջափակման կապակցութեամբ, քանի կը շարունակէ սպառնալիքներ տեղացնել, վերջնագրեր ներկայացնել եւ վիրաւորել Հայաստանն ու Հայերը, բազմիցս կրկնելով Հայերու «տէրերու» եւ «հովանաւորներու» մասին արտայայտութիւններ։

“Հայաստան, որ կը յայտարարէր, թէ Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ, մեզի կը սպառնար նոր պատերազմով, այսօր նոր տիրոջ որոնման մէջ է։ Ատկէ ո՛չ մէկ օգուտ պիտի քաղէ”,– նշած է ան եւ շարունակած իր յոխորտանքները.

“Որպէսզի Հայաստան հանգիստ ապրի 29 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքի վրայ, կայ մէ՛կ պայման. ան պէտք է ընդունի մեր պայմանները, պաշտօնապէս ճանչնայ Ղարաբաղը որպէս Ազերպայճանի տարածք, մեր պայմաններուն հիման վրայ կատարէ սահմանազատման աշխատանքները։ Եթէ Հայաստան չճանչնայ մեր հողային ամբողջականութիւնը, մենք ալ պիտի չճանչնանք անոր հողային ամբողջականութիւնը”։

“Յետխորհրդային իրողութիւնները պէտք է գտնեն եւ կը գտնեն իրենց ցոլացումը խաղաղութեան բանակցութիւններու մէջ։ Հակառակ պարագային ո՛չ մէկ խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքուի”,– ըսած է ան, մեղադրելով նաեւ արտասահմանի մէջ Արցախին նուիրուած որոշ ձեռնարկներու կազմակերպիչները. “Կարգ մը երկիրներու մէջ  կը կազմակերպուին որոշ համաժողովներ, գիտաժողովներ՝ կապուած Ազերպայճանի ներքին գործերուն հետ”,– եզրակացուցած է ան։

Այսքան յարձակողական, ատելութեամբ լի եւ պատմականօրէն իրականութենէ ամբողջովին կտրուած այս յայտարարութիւններէն առաջ, Ազերպայճանի նախագահը, որ Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի շրջանաւարտ է, պարտաւոր է իմանալու իր երկրին ստեղծման պատմութիւնը։ Յամենայն դէպս ան պէտք է երկրորդ անգամ թերթէ պատմութեան դասագիրքերը, մա՛նաւանդ երբ կը խօսի «հայրենի Ղարաբաղի» եւ «հայրենի Զանգեզուրի» մասին։