Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ալլահու աքպար»՝ Ստեփանակերտի վրայ

Լրագրող Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, ընկերային ցանցերու միջոցով, կը շարունակէ կանոնաւորաբար ահազանգ հնչեցնել ազերպայճանական ոտնձգութիւններու մասին։

Այս անգամ ալ կը տեղեկացնէ, թէ ազերպայճանական կողմը բարձրախօսերով մահմետական աղօթքներ կը սփռէ Ստեփանակերտի վրայ։

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետը Թուիթըրի իր հաշիւին կը գրէ (տեսանիւթի փաստով).-

«Ազերական նոր/հին մեթոտը՝ վախցնելու եւ ահաբեկելու Ստեփանակերտի հայ բնակչութիւնը։ Գիշերը, բարձրախօսերով եւ բարձր ձայնով “Ալլահու աքպար” կը սփռուի Ազերիներու կողմէ, Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) մայրաքաղաքի գրաւեալ բարձունքներէն»։ ■