Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ. «Հիմա գիտենք, որ Իրան Ազերպայճանի եղբայրը չէ, Հայաստանի եղբայրն է» 

Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շեյխ ուլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ անդրադարձած է Իրանի մէջ Ազերպայճանի դեսպանատան դէմ տեղի ունեցած միջադէպին, որու ընթացքին դեսպանութեան ազերպայճանցի քաղաքացի մը սպանուած էր։

“Մենք կը դատապարտենք Իրանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը։ 

Նահատակ բերած ենք Իրանէն, զոր եղբայր կը նկատէինք։ Հիմա մենք գիտենք, որ անոնք մեր եղբայրները չեն, անոնք Հայաստանի եղբայրներն են։ Ինչպէս յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ, տեղի ունեցած իրադարձութիւնը ահաբեկչական գործողութիւն է։ Գործը պէտք է մանրակրկիտ հետաքննուի, եւ աշխարհ պէտք է իմանայ ճշմարտութիւնը։ Իրանի մէջ շուրջ 40 միլիոն Ազերպայճանցիներ վարչակարգի գերին են”,– ըսած է Փաշազատէ։