Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱԼՖՈՐՎԻԼ – Festiv’Hay 2025

Կիրակի, Յունիս 29-ին, Ալֆորվիլի Cointre կղզիի հանրապարտէզին մէջ ամբողջ օրը տեղի ունեցաւ Festiv’Hay-ը, որ ի մի կը բերէր հայկական բոլոր միութիւններն ու ընկերակցութիւնները, որոնք իրենց յատկացուած տաղաւարներուն միջոցով առիթն ունեցան բազմաթիւ այցելուներուն ներկայացնելու իրենց գործունէութիւնները։

Օրուան յատուկ փայլք հաղորդեցին տարբեր գեղարուեստական «փակագիծ»-երը, ինչպէս «Երազ» պարախումբի ներկայացումը, մինչ զանազան աշխատանոցներ՝ նկարչութեան, պուպրիկներու ստեղծման կամ այլ, ուրախացուցին երեխաները։

Այս առիթով Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը, Հայկական յիշողութեան հետազօտութեան եւ տոմարագրութեան ընկերակցութեան (ARAM) հետ համագործակցութեամբ կը ներկայացնէր «Ալֆորվիլ, հայկական գիւղ – 1920-1930 թուականներ» ցուցադրութիւնը, որ անտիպ նիւթեր (վաւերագրական տուեալներ, լուսանկարներ) պարունակող շուրջ երկու տասնեակ վահանակներու միջոցով լոյս սփռեց 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք Ալֆորվիլ հաստատուած հայ գաղթականներուն պատմութեան վրայ։

Նշենք, որ Ալֆորվիլի քաղաքապետ պրն Լիւք Գարվունաս իր այցելութեամբ պատուեց համահայկական այս ձեռնարկը։