Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան» վարժարանի աշակերտները այցելեցին Հայաստան, 21-էն 28 Ապրիլ։
Շատոնց արդէն աւանդութեան վերածուած այս պտոյտ-այցելութեան մասնակցեցան Ե. եւ Զ. կարգերէն 19 աշակերտներ՝ իրենց դաստիարակներուն եւ պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ։
Եօթը օրերու ընթացքին, մեր աշակերտները առիթը ունեցան վայելելու գեղատեսիլ տարբեր վայրեր, ծանօթանալու հայրենաբնակ մեծահասակներու եւ տարեկիցներու, եւ դաստիարակիչն ու հաճելին միախառնելով՝ ապրեցան անմոռանալի օրեր։
Խումբը Երեւան ժամանեց 21 Ապրիլին:
Առաջին օրը տրամադրուած էր անհրաժեշտ դասաւորումներու: Յաջորդ օրերը յագեցած էին ճոխ ծրագիրով. մեր աշակերտները այցելեցին հոգեհարազատ վայրեր, որոնց ծանօթ էին նկարներու, տեսերիզներու, երգերու կամ բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն։ Այս անգամ սակայն ծանօթացումը կը կատարուէր առանց թուղթ-մատիտի, առանց համակարգիչի, առանց նոյնիսկ ուսուցիչի. հայրենի հողը, օդը, ջուրը եկած էին փոխարինելու այդ բոլորը՝ դպրոցի գրասեղաններէն ստացած իրենց գիտելիքները դարձնելով շօշափելի իրականութիւններ։
Արին բերդ, Գառնիի տաճար, Գեղարդի վանք այցերը մեր պատանիներուն հոգիներուն մէջ դրոշմեցին հայրենիքը մօտէն ճանչնալու եւ սիրելու անգնահատելի ապրումներ։
Այսպէս, «Սուրբ Մեսրոպ- Արապեան» վարժարանի սաները շրջեցան Երեւանի փողոցներուն մէջ, լսեցին հայերէն, խօսեցան հայերէն, ապրեցան հայերէնով, այցելեցին Մատենադարան, տեսան հազարաւոր տարիներու անցեալ ունեցող հայատառ ձեռագիրներ, մագաղաթներ, մագաղաթներու պատառիկներ, Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց ուխտեցին ըլլալ ջահակիրները՝ «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» հայաբոյր օճախի առաքելութեան, Ծիծեռնակաբերդի մէջ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը նահատակներու կտակին, հոգեւոր աւիշ ստացան Սուրբ Էջմիածինէն, Սուրբ Գայիանէ եւ Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարներ դիտելով ըմբոշխնեցին հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան հարուստ աւանդը: Սարդարապատի մէջ ուխտեցին մնալ պահանջատէր եւ մի՛շտ պատրաստ՝ պայքարելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար։ Եղան Գիւմրի, ուր մասնակցեցան խաչքար քանդակելու աշխատանոցին, ծանօթացան կաւագործութեան, կազմեցին անօդաչու օդանաւեր: Վայելեցին Արագածի հրաշաբոյր բնութիւնը, Բիւրականի մէջ տեղեկութիւններ ստացան հայ գիտական հանճարի ստեղծագործութիւններուն մասին: Ալֆորվիլի քոյր քաղաք Օշականի մէջ ապրեցան ընտանեկան հարազատութիւն, տեսան Խոր Վիրապը, ուրկէ հիացումով դիտեցին Արարատի վեհութիւնը: Հաճելի պահեր անցուցին կապուտաչեայ Սեւանի եւ Պարզ լիճի ափերուն: Պատմութեան Թանգարանին մէջ հպարտացան մեր անցեալի փառքով։
Պտոյտներու ընթացքին աշակերտներուն ընկերակցեցան մասնագէտ զբօսավարներ, որոնք կրցան գոհացում տալ բոլորին հետաքրքրութիւններուն։
Դաստիարակչականի կողքին, երգը, պարը, խաղն ու խինդը համեմեցին մեր պտոյտները՝ զօրացնելով ընկերական կապը, ամրացնելով պատկանելիութեան զգացումը եւ զարգացնելով ընկերասիրութիւնը։
Զանազան առիթներով կատարաուած առցանց հանդիպումներու միջոցով ստեղծուած կապերը դարձան իրական, աւելի հարազատ եւ նոյնիսկ ապագայի համար փոքրիկ ծրագիրներ մշակուեցան։
Դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին նման ծրագիրի մը իրականացումը նպաստեց, որ սփիւռքի մէջ մեծցած, հայրենիքէն հեռու ապրող պատանիին համար ամէն բան դառնայ շօշափելի. մայրենի լեզու, պատմութին, մշակոյթ, մարդկային յարաբերութիւններ, հեռակայ ընկերներ դառնան ապրող ճշմարտութիւններ։ Ահա՛, թէ ինչու անհրաժեղտ են նման նախաձեռնութիւնները։
Վստահ ենք, որ անցնող օրերու յիշատակները անջնջելի պիտի մնան եւ գեղեցիկ երանգներով պիտի պարուրեն մեր սիրելի աշակերտներուն հոգիները: