Փետրուար 1-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հայրապետական այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ` քննարկելու Մայր Աթոռի կողմէն իրականացուող ծրագրերը: