Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ կը մերժէ Պաքուի դէմ պատիժներ կիրարկել

Հայ դատի յանձնախումբը արձագանգած է

Օրերս Հայաստան կը գտնուէր Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերու ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ։ Ան, «Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Արցախը 88 օրէն աւելի շրջափակելուն համար ԱՄՆ պատիժներու պիտի չենթարկէ Պաքուն:

“Հիմա պատիժներու ժամանակը չէ: Ես այստեղ եմ, որ աշխատիմ երկու կողմերուն հետ` զիրենք խաղաղութեան մօտեցնելու համար: Պատիժները պիտի ըլլային ապարդիւն: Սա պահուս այդ հարցը պիտի չքննարկուի”,  յայտարարած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Յիշեցնենք, որ Պայտընի վարչակազմը բազմիցս կոչ ուղղած է Ազերպայճանին վերջ տալու շրջափակումին, որ մարդկային ճգնաժամի մատնած է Արցախը:

Պոնոյի յայտարարութեան արձագանգած է ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` դիտել տալով, որ Պոնօ այսպէսով ցոյց կու տայ ԱՄՆ-ու թուլութիւնը. “Լուիս Պոնօ իր առաջին հրապարակային ելոյթի քննարկումներէն զերծ պահելով Ազերպայճանի դէմ պատիժներու քննարկման հարցը, ազդարարած է ԱՄՆ-ու թուլութիւնը, Իլհամ Ալիեւին հասկցնելով, որ Պայտընի վարչակազմը իր յայտարարութիւնները պիտի  չվերածէ գործողութիւններու”,– նշած է Համբարեան: