ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի ամօթալի նահանջը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն, որ յստակօրէն դրսեւորուեցաւ Սպիտակ տան Ապրիլ 24-ի տարեկան յայտարարութեան մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրը չյիշատակելու անոր որոշումով, որ հետեւանք էր թրքական ճնշումներուն առջեւ տեղի տալու՝ իր թոյլ կեցուածքին։
Մեկնաբանելով Թրամփի յայտարարութիւնը՝ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնած է հետեւեալը․ «ԱՄՆ-ու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն նախագահ Թրամփի նահանջը թրքական սպառնալիքներուն առջեւ տեղի տալու խայտառակ քայլ մըն է, ամօթալի խուսափում՝ հայերու դէմ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի շարունակական ցեղասպանական յարձակումները կանխելու պատասխանատւութենէ։ Արցախի բնիկ քրիստոնեայ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ազերպայճանի գործած ցեղային զտումէն, հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ շարունակուող բռնութիւններէն, հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումէն եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքի բռնագրաւումէն ետք, նախագահ Թրամփ պէտք է ոչ միայն ճանչնայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պէտք է կանխէ անոր շարունակութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի կողմէ»:
Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու՝ Թրամփի որոշումը կը հակասէ Սպիտակ տան, Գոնկրէսին եւ 50 նահանգներու պաշտօնական ճանաչումներուն:
Յանձնախումբը նախագահ Թրամփին կոչ կ՚ընէ յարգելու իր խոստումը եւ վերանայելու ամերիկեան քաղաքականութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ Հարաւային Կովկասի հանդէպ, վերջ տալու ցեղասպանութեան ժխտումին մէջ ամերիկեան մեղսակցութեան, հաշիւ պահանջելու ցեղասպանութիւնը գործածներէն եւ ապահովելու խաղաղութիւն՝ արդարութեան եւ Արցախի քրիստոնեայ հայ ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին վրայ հիմնուած:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։