Միսիսիփին դարձած է ԱՄՆ-ու վերջին` 50–րդ նահանգը, որ ճանաչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Լուրը հաղորդած է ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբը։
Հռչակագրի մը միջոցաւ, նահանգապետ Թէյթ Ռիվ Ապրիլ ամիսը յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան իրազեկման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ամիս։ Հայ դատի յանձնախումբը երախտագիտութիւն յայտնած է Միսիսիփիի նահանգային իշխանութիւններուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ։