Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը

Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ, Տեղ գիւղի մերձկայքին՝ ազերպայճանական գրգռութեամբ տեղի ունեցած վերջին միջադէպին մասին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Կը ցաւինք Ապրիլ 11-ին հայկական եւ ազերպայճանական ուժերու միջեւ տեղի ունեցած մահացու բախումներուն համար, որոնք քանի մը զինուորներու մահուան եւ վիրաւորուելուն պատճառ դարձան։  Կը ցաւակցինք անոնց ընտանիքներուն։ Հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ, իսկ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է։ Կայուն խաղաղութեան միակ ճամբան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ է, իսկ ուժի կիրարկումը կը խափանէ բանակցութիւնները»: