Ապրիլ 4-ին, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Լին Թրեյսի հանդիպում ունեցած է 2020 եւ 2021 թուականներուն գերեվարուած հայ զինուորներու ազգականներուն հետ․ ներկայ եղած են թէ՛ անհետացածներու, թէ՛ Ազէրպայճանի մէջ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուած զինուորներու ընտանիքներ։
Հանդիպումին քննարկուած են մարդկային իրաւանց հարցերը, այդ կարգին՝ հրադադարի վերաբերեալ 2020 Նոյեմբերին Հայաստանի, Ազէրպայճանի եւ Ռուսաստանի եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտը, որ կը վերաբերի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձանց ու մահացածներու մարմիններու փոխանակման։
“Մենք կոչ կ՚ուղղենք ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները, եւ նկատի ունենալով իրենց հարազատներու գտնուելու վայրին ու ճակատագրին մասին տեղեկութիւններ չունեցող ընտանիքներու ցաւը, առաւել ջանքեր գործադրելու՝ անհետացած զինուորներու մասին (այդ կարգին՝ 1990-ականներէն) տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու ուղղութեամբ”,– շեշտած է ԱՄՆ-ու դեսպանուհին։