Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ-ու Հայերը կոչ ուղղած են Disney-ին՝ յայտագրէն ջնջելու Աթաթիւրքի կեանքի մասին յառաջիկային ցուցադրուելիք ֆիլմաշարը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) կոչ ուղղած է Disney-ին յայտագրէն ջնջելու ժամանակակից թրքական պետութեան հիմնադիր՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կեանքի մասին յառաջիկային ցուցադրուելիք ֆիլմաշարը։ Յանձնախումբը մեղադրած է Disney-ն «բռնապետն ու մարդասպանը» հերոսացնելուն համար։ «Ան իր ձեռքերուն մէջ ունի միլիոնաւոր հայու, Յոյնի, Ասորիի եւ այլ քրիստոնեայ նահատակներու արիւնը»,– նշուած է Հայ դատի յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Ֆիլմաշարին անդրանիկ ցուցադրութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Հոկտեմբեր 29-ին, որ կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Disney-ն տակաւին չէ ըսած, թէ այս հարցը պիտի քննարկէ՞, թէ՞ ոչ։