Ազերպայճանցի ընդդիմադիր կայքագրող, այլախոհ, Diktator TV-ի հեղինակ Մանաֆ Ջալիլզատէ Թիուիթըրի իր հաշիւով կը տեղեկացնէ, թէ Ազերպայճան «Սմերչ», «Տանա» եւ այլ զինատեսակներ կը կուտակէ Բերձորի շրջանին մէջ։
«Ազերպայճանի նախագահը Բերձորի շրջան կը փոխադրէ 152 մմ.նոց “Տանա” ծանր հրետանի եւ 300 մմ.նոց “Սմերչ” համակարգային կրակի համակարգեր։ Բռնապետ Ալիեւ այս անգամ կը պատրաստուի աւելի մեծ արիւնալի պատերազմի։ Եթէ երկու երկրներու ժողովուրդները ոտքի չկանգնին եւ չկանխարգիլեն պատերազմը, ան պատճառ պիտի դառնայ երկու կողմէն ալ հազարաւոր զոհերու։ Բռնապետ Ալիեւ հաճոյք կը զգայ մարդ սպանելէ։ Ազերպայճանի ժողովուրդ, խեղճեր, մի՛ ղրկէք ձեր երախաները մահուան գիրկը», – գրած է ան։