Արցախի պատերազմը հայկական ինքնութեան, ինքնապատկերացումի բազմաթիւ կարծրատիպեր քանդեց։ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ խմբակներ յառաջացուց որոնք հայութեան աւանդական գոյապայքարը վերատեսութեան ենթարկելու խորհրդակցական խումբեր կազմեցին։ Ֆրանսայի մէջ եւս նման նախաձեռնութիւններ առնուեցան։ Թերեւս միայն Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնն է, որ դեռ կառչած կը մնայ կարծրատիպերուն։ Այս շարժումը սկիզբ առած էր ներքնախաւէն, երիտասարդներէն, ձեռնպահ մնացած մտաւորական դասէն… վերջապէս, 2022-ին, հայութեան ինքնութիւնը վերակազմակերպելու զօրաւոր կոչ մը կու գայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-էն, որ 2022-ը հռչակեց «Սփիւռքի տարի»։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ համահայկական կառոյցներուն մէջ։ Միակը, որ կը կրէ իսկապէս սփիւռքեան դրոշմ։ Միակը որուն խօսքը լսելի է ու սպասելի նաեւ Հայաստանաբնակ հայ ժողովուրդին կողմէ։
«Սփիւռքի տարի» հռչակելով՝ Վեհափառ հայրապետը կը կատարէ շատ կարեւոր ախտորոշումներ. երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, կառոյցներէն. օտարին ներկայութիւնը սկսած է զգալի դառնալ հայ կեանքին մէջ. մեր շուրջը տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետ չենք կրցած քայլ պահել։ «Սփիւռքի տարի»-ն ահազանգ կը հնչեցնէ։ Վեհափառին իսկ խոստովանութեամբ, ան կ՚արձագանգէ 2021 տարեշրջանին Սփիւռքի տարածքին կատարուած զանազան հաւաքական հանդիպումներու եւ համագումարներու, առցանց զրոյցներու ընթացքին արտայայտուած միտքերուն ու գաղափարներուն, կը հաստատէ զանոնք։
Եզակի երեւոյթ հայկական իրականութեան մէջ, ուր վերնախաւէն ղեկավար մը ունկնդիր կը դառնայ ներքնախաւին, միջին խաւին, երիտասարդ սերունդին, անկախ մտաւորականութեան արտայայտութիւններուն։ Կը դառնայ անոնց մտածումներուն խօսափողը, անոնց տագնապներուն ձայնակցողը։ Կը յանդգնի բարձրաձայնելու թէ՝ «Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 30 տարուան ընթացքին Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան մասին խօսեցանք։ Սակայն, բոլոր կառոյցները իրարու քով գալով հաւաքական, համասփիւռքեան մտածողութիւն մը եւ մօտեցում մը չեն կրցած ձեւաւորել կամ զարգացնել։ … Հզօր Հայաստան կ՚ենթադրէ հզօր Սփիւռք եւ փոխադարձաբար, սակայն այս բոլորը մնացին կարգախօսերու սահմաններուն մէջ»։
Վեհափառը ճիշդ հարցադրումներ կը կատարէ, տարրական, որոնց պատասխանները միանշանակ ոեւէ մէկու դարակին մէջ պատրաստի դրուած պատասխաններ չունին. կ՚առաջնորդէ հաւաքական մտածողութեան, որոնումի, հետազօտութեան. որո՞նք են Հայ ըլլալու չափանիշերը Սփիւռքի մէջ։ Օտարը մեր մէջն է, նոյնիսկ մեր ընտանքին մէջ։ Հինցած ու մաշած ձեւերով չենք կրնար հայապահպանում կատարել. «Ամէն ինչ Լիբանանի ու Սուրիոյ գաղութներով չբաղդատենք»։ Արտայայտութիւն մը, որ ի զօրու է նոյնիսկ այսօրուան Լիբանանի ու Սուրիոյ Հայութեան պարագային։ Ան կը հաստատէ. «Այսօրուան Սփիւռքը երէկուանը չէ, աշխարհը շատ արագ կ՚ընթանայ, այնքան նորութիւններ կան, այնքան գիւտեր կան, որ անոնց դիմաց մենք փոքր ազգ ենք. ի՞նչ պէտք է ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել, մենք պէտք է սկսինք ախտաճանաչումէն, ինչպէս խօսուեցաւ՝ քաջութիւնը եւ իմաստութիւնը պէտք է ունենանք ախտաճանաչումը ճիշդ կերպով կատարելու՝ իբրեւ անձ, իբրեւ գաղութ, իբրեւ հաւաքականութիւն, իբրեւ Հայաստան, պետութիւն, իշխանութիւն եւ այլն։ Ախտաճանաչումը կարեւոր է, թերութիւնները պէտք է յստակ կերպով տեսնենք եւ ընդունինք»։
Ինչպէ՞ս Սփիւռք-խառնարանէն անցնիլ համասփիւռքեան մտածողութեան։ Ինչպէ՞ս անցնիլ Սփիւռք նպաստաբաշխ-բարեսիրական կազմակերպութենէն համահայկական հարցերու քննարկման մասնակից դառնալու։ Ինչպէ՞ս ճիշդ կերպով սահմանել, գնահատել հայկական ներուժն ու մարդուժը։
Եւ վերջապէս Վեհափառը կ՚առնէ առաջին քայլը, Անթիլիասի մայրավանք հրաւիրելով լիբանանահայ մտաւորակնութիւնը խորհրդակցութեան, նշելով. «Լիբանանէն սկսինք. ամէն բանի մէջ Լիբանանը դրական օրինակ եղած է։ Սփիւռքը, միւս գաղութները, Հայաստանը թող գիտնան, որ Լիբանանի մէջ Հայութիւնը նոյնիսկ իր դիմագրաւած տագնապին մէջ, նման քայլեր առնող եւ մտածողութիւն ունեցող համայնքն է»։
«Սփիւռքի տարի» հռչակելուն զուգահեռ, վեհափառը իր յատուկ նամակով անհատապէս դիմած է Հայաստանի պետական ու եկեղեցական ղեկավարութեան, որ անոնք եւս մասնակից ըլլան հաւաքական աշխատանքին։
Ժ.Չ. ■