Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անատամ դատապարտումներ, լռելեայն համաձայնութիւններ

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ Եւրոպայի քաղաքական համայքի վեհաժողովին յստակացաւ որ Պրիւսէլ իր կազը պիտի չզոհէ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար։ Ազերպայճանի կողմէ կատարուած ռազմական յարձակումը, զոհերը, ռազմական ոճիրները, քաղաքացիական ունեցուածքի աւերումները, 2020-ի պատերազմի ռազմագերիներու վերադարձի անտեսումը զոհուեցան Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնի եւ Ալիեւի միջեւ ուժանիւթի վաճառքի բագինին։ Ի դէպ, Ուրսուլա վոն տեր Լեյէն կը վայելէ Եւրոպական Յանձնաժողովի անդամներու եւ Եւրոպական Միութեան կառավարութիւններու մեծամասնութեան զօրակցութիւնը։ Եւրոպացի քանի մը խորհրդարանականներու՝ ազերական յարձակումները դատապարտելու եւ պատիժներ սահմանելու պահանջը ծանր չի կշռեր։ Արեւմտեան ղեկավարները համախոհ են, արդիւնքը երեւելի էր Եւրոպայի քաղաքական համայնքի վեհաժողովին։ Արեւմուտքը վաւերացուց Ալիեւի յարձակումը։ Ընդունուեցաւ բոլորին կողմէ իբրեւ յարգելի պետական ղեկավար։ Ոչ մէկը պատրաստ է 300 մեռեալի եւ նոյնքան ալ վիրաւորի հոգեբարոյական կորստեան գինը վճարելու, եւ դեռ առանց հաշուելու հողային ու նիւթական կորուստները եւ անոնց  հետեւանքները։

Ի տես այս իրականութեան, Հայաստանի ղեկավարութեան դիւանագիտական միջոցները շատ սահմանափակ են։ Ի՞նչ ձեռք բերաւ Հայաստան այս վեհաժողովին մասնակցելով։ Գլխաւոր հրամայականը լայնածաւալ պատերազմի առաջքն առնելն էր, քանզի միջազգային լարուած իրավիճակը մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ Ազերպայճանին՝ Հայաստանին պարտադրելու Սիւնիքի միջանցքի իրագործումը ռազմական միջոցներով։ Այս առումով Հայաստան կը խաղայ խաղաղութեան պայմանագիրի մը ստորագրումի խաղաթուղթը, որ միջազգային հասարակութեան համար ըմբռնելի եւ ընդունելի ուղի մըն է, որ չի խանգարեր ուժանիւթի փոխադրութիւնը դէպի Արեւմուտք։

Փրակայի վեհաժողովին, առաջին անգամ ըլլալով Պաքու ընդունեց Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան առժամեայ գործունէութիւնը՝ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին, թէեւ ազերպայճանական կողմի ոչ-ամբողջական գործակցութեամբ։ Պաշտօնական յայտարարութիւնը կը նշէ, որ կողմերը կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։ Ուրեմն, սահմանազատման աշխատանքները պիտի սկսին։

Առաջին անգամ չէ որ երկու երկիրներու ղեկավարները Ռուսաստանի կամ Արեւմուտքի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ժողովէ մը ետք կը յայտարարեն, թէ կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը։ Սակայն, երբ տուն կը վերադառնան խօսոյթը կը վերստանայ իր անցեալի բանաձեւումը։ Արդէն ամէնօրեայ դրութեամբ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ ազերպայճանական ուժերուն՝ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակոցներուն մասին, նշելով թէ կորուստներ չկան։ Ուրեմն, խուլ կերպով պատերազմը կը շարունակուի։ Կը շարունակուի նա՛եւ որովհետեւ Ազերպայճանի բանտերուն մէջ ռազմագերիները տակաւին բանտարկուած կը մնան, գրաւեալ տարածքները չեն վերադարձուիր, եւ մա՛նաւանդ՝ գրաւեալ դիրքերուն վրայ ամրաշինական աշխատանքներ կ՚ընթանան, նախապատրաստելով յաջորդ յարձակումը։

Եւրոպական խաղաղութեան պայմանագրին մէջ խօսք կայ ո՛չ Արցախի, ո՛չ ալ Սիւնիքի միջանցքի մասին։ Ասկէ մեկնած՝ պէտք է ենթադրել, որ Հայաստան անուղղակիօրէն կը ճանչնայ Արցախը իբր Ազերպայճանի տարածք։ Թէեւ ռուս խաղաղապահ զօրքերու տեղակայումը, Ռուսաստանին կու տայ Արցախի ճակատագիրը տնօրինելու յատուկ պատասխանատւութիւն։ Հայաստան եւս, իբրեւ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը ստորագրած կողմ, կը պահէ տակաւին պատասխանատու դերակատարութիւն Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ կարգավիճակը յստակացնելու գործին մէջ։ Այս տուեալներու լոյսին տակ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը, իբրեւ անկախութիւնը հռչակած երկիր, Ազերպայճանի հետ ուղղակի բանակցելու պարտադրանքին առջեւ կը գտնուի։

Արեւմտեան խաղաղութեան պայմանագրին զուգահեռ՝ Ռուսաստան ալ մշակած է խաղաղութեան պայմանագրի իր տարբերակը, ուր կը շեշտուի որ՝ Արցախի կարգավիճակը ներկայ դրութեամբ պէտք չէ քննարկուի։ Արդէն, Փրակայի վեհաժողովը հազիւ աւարտած, Փաշինեան եւ Ալիեւ միաժամանակ ուղղուեցան Ս. Փեթերսուրկ, մասնակցելու Փութինի տարեդարձի հաւաքին։ Այս խառն իրավիճակին մէջ, խաղալով արեւմտեան եւ ռուսական մօտեցումներու տարբերութեան վրայ, Ազերպայճան իր յարձակողական քաղաքականութիւնը վարելու մեծ հնարաւորութիւններ կը ստանայ։ Այս պատճառով դեռ կը շեփորէ «Պիտի վերականգնենք Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը» կարգախօսը, մանաւանդ երբ կը վայելէ Թուրքիոյ նման դաշնակիցի մը զօրակցութիւնը, Ռուսաստանի լռելեայն համաձայնութիւնը, մինչ արեւմտեան երկիրներն ալ կը շարունակեն իրենց անատամ դատապարտումները։

Այս բոլորին մէջ Ազերպայճանի յարձակումը արգելակող միակ ուժը կը մնայ Իրանը, որ անընդհատ կը յայտարարէ թէ՝ ոչ մէկ սահմանային փոփոխութիւն պիտի հանդուրժէ, եւ որ յանդգնութիւնը ունեցաւ Կապանի մէջ բանալու նոր հիւպատոսութիւն մը։ 

Ժ.Չ. ■