Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՆԳԱՐԱ – Չաւուշօղլու եւ Միրզոյեան համաձայնած են արագացնել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը

 

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու մամլոյ հաղորդագրութիւնը

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մեւլիւթ Չաւուշօղլու, Փետրուար 15-ին Անգարայի մէջ գլուխ-գլխի հանդիպումէն ետք, հրապարակած են մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։ Լուրը հաղորդած է Չաւուշօղլու՝ թուիթըրեան իր էջին կատարած գրառումով.

Թուրք նախարարը գրած է, որ իրենք համաձայնած են արագացնել երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:

Թուրք նախարարը յոյս յայտնած, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին ուղղութեամբ յառաջընթաց կ՚արձանագրուի, տարածաշրջանին մէջ ստեղծելով բարենպաստ կացութիւն։

Չաւուշօղլու նաեւ ըսած է, որ Անգարա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի օգնութիւնը՝ Թուրքիոյ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման գործին մէջ:

 

Միրզոյեան. «Այս դժուարին պահուն Թուրքիա գտնուելով կ՚ուզեմ վերահաստատել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կերտելու Հայաստանի պատրաստակամութիւնը» 

Իր կողմէ, Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կերտելու  եւ յատկապէս, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու  ամբողջական կարգաւորման, դիւանագիտական  կապերու հաստատման եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմանի ամբողջական բացման ուղղութեամբ Հայաստանի պատրաստակամութիւնն ու ձգտումը:

Կողմերը համաձայնած են նաեւ միատեղ ջանքերով վերանորոգելու Անիի կամուրջը, ինչպէս նաեւ հոգ տանելու համապատասխան ենթակառոյցներուն՝ սահմանի ամբողջական բացումին ընդառաջ: