Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անթոնիօ Ֆեյժօ կը ստանձնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախագահի պաշտօնը

2022 Մայիս 3-ին փրոֆ. Անթոնիօ Ֆեյժօ ստանձնեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախագահի պաշտօնը. ան նախագահ ընտրուեցաւ 2021 Դեկտեմբեր 15-ին տեղի ունեցած Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի լիագումար ժողովին։

Անթոնիօ Ֆեյժօ Հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի ոչ-գործադիր անդամ է 2018 թուականէն ի վեր։ Ան առաջին նախագահն է որ մասնագիտացած է հասարակագիտական ուսմանց մէջ. իր դոկտորականը ստացած է Պրաուն համալսարանէն (Միացեալ Նահանգներ) 1985-ին, մասնագիտանալով անգլիական եւ հիւսիսամերիկեան գրականութեան մէջ: Նոյն նիւթին շուրջ իր մագիստրոսի կոչումը ստացած է Ալպանիոյ՝ Նիւ Եորքի պետական համալսարանէն (1979)։ Ֆեյժօ Լիզպոնի համալսարանի դասախօս է (Անգլիագիտութեան եւ գրականութեան տեսութեան բաժին)։ Նախապէս եղած է Լիզպոնի համալսարանի Արուեստի եւ հասարակագիտութեան դպրոցի տնօրէն, շատ մը այլ վարչական բարձր պաշտօններու առընթեր։ Ան անգլիական, ամերիկեան եւ փորթուկալական գրականութեան վերաբերող բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ է. այլ գործերու շարքին՝ փորթուկալերէնի թարգմանած է նաեւ Շէյքսփիրի եւ Օսքար Ուայլտի գործերէն։

Պաշտօնի ստանձնումի իր խօսքին մէջ Անթոնիօ Ֆեյժօ ընդգծեց որ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը «բարեսիրական հաստատութիւն մըն է, որ կը մարմնաւորէ այն ժառանգութիւնը որ ձգած է Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանը՝ իր ժամանակին եւ իր դարուն եզակի մարդը. որեւէ անձ որ կը ղեկավարէ Հիմնարկութիւնը, պարտի պահպանել այդ ժառանգութեան տեւական բնոյթը»։

Նախկին նախագահ՝ Տիկին Իզապէլ Մոթա արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան Հիմնարկութեան իր 26-ամեայ ծառայութեան համար, անոր նախագահելով վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին:

Հիմնարկութեան ներկայ ինչպէս նաեւ այլ ծրագրերու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/