Յուլիս 14-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ազգային տօնի հանդիսութեան ընթացքին, դեսպանուհի Անն Լույօ,– որ յառաջիկայ օրերուն կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը,– յայտնած է, թէ Ֆրանսա կը պահանջէ որ բռնութիւն չկիրարկուի ազերպայճանական շրջափակման հետեւանքով մարդասիրական ճգնաժամի մէջ յայտնուած եւ այս պահուն Ստեփանակերտի հանրահաւաքին մասնակցող Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, որ մի՛այն խաղաղ ապրելու կը ձգտի։
Ան նաեւ ողջունած է Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը յանուն խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան՝ ի հեճուկս բազմաթիւ դժուարութիւններու:
“Ֆրանսա կը ցաւի Հայաստանի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի Հայութեան դէմ շարունակուող յարձակումներուն համար”,– ըսած է տիկին Լույօ եւ Բերձորի միջանցքի փակման առնչութեամբ աւելցուցած. “Տեղւոյն բնակչութեան իրաւունքները պէտք է յարգուին՝ համաձայն Արդարադատութեան միջազգային ատեանի կայացուցած որոշումին”։