Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անն Հիտալկօ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր

Մայիս 28-ին, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ խումբ մը պաշտօնատար անձերու ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղած է Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհած՝ անմար կրակին առջեւ:

Այնուհետեւ քաղաքապետուհին այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր ծաղիկներ խոնարհած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուած ֆրանսական համալսարանի ուսանողներու շիրիմներուն եւ տեսակցած անոնց ծնողներուն հետ։