Ազերպայճան, ածխաջրածինով հարուստ երկիր մը, զոր 2003-էն ի վեր Իլհամ Ալիեւ կը կառավարէ երկաթէ բռունցքով, միաժամանակ կը յաջողի բարդ եւ հմտօրէն մշակուած արտաքին քաղաքականութիւն մը վարել ու նաւարկել իրարու հակասող շահեր հետապնդող տէրութիւններու միջեւ։
Ան, Հայաստանի եւ Վրաստանի նման՝ բարդ պատմական յարաբերութիւններ ունի Ռուսաստանի հետ, զորս ժառանգած է խորհրդային շրջանէն։ 2022 Փետրուարին Ռուսաստան-Ազերպայճան ստորագրեցին համագործակցութեան հռչակագիր մը՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ, պաշտօնապէս ամրապնդելով իրենց կապերը։ Ուքրաինայի պատերազմի վաղորդայնին ստորագրուած այս դաշինքը չարժանացաւ արեւմտեան երկիրներէն որեւէ լուրջ հակազդեցութեան եւ ան շարունակեց նաւթի արտածումը դէպի Եւրոպա եւ Իսրայէլ։ Ուքրաինա ներխուժման հետեւանքով Արեւմուտքի՝ Ռուսաստանի պարտադրած պատիժները ամրացուցին Ազերպայճանի դիրքերը։
Անցեալ Մայիս 9-ին, Ազերպայճան հրաժարեցաւ մասնակցելէ նացիական Գերմանիոյ դէմ Խորհրդային Միութեան յաղթանակի 80-ամեակի՝ Մոսկուայի մէջ կայանալիք տօնակատարութիւններուն, որ Ռուսաստանի համար խիստ խորհրդանշական իրադարձութիւն էր։ Փոխարէնը՝ Ալիեւ Մայիս 16-ին մասնակցեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ վեհաժողովին, Թիրանայի մէջ, Ալպանիա։ Այս մասնակցութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն է նկատի ունենալով, որ Ազերպայճան հրաժարած էր այս կառոյցի նախորդ նիստերուն մասնակցելէ, յատկապէս 2023 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ռազմական յարձակումէն յետոյ ստեղծուած «հակաազերպայճանական մթնոլորտ»-ին պատճառով։
Լարախաղացութեան միւս էջը կը կազմեն Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները. Ազերպայճան կը պահպանէ լաւ յարաբերութիւններ միաժամանակ երկու պետութիւններուն հետ ալ, հակառակ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան, մասնաւորապէս՝ Կազայի պատերազմին նկատմամբ տրամագծօրէն հակառակ դիրքորոշումներ ունենալուն։
Ազերպայճան կապահովէ Իսրայէլի նաւթի պահանջին շուրջ երկու երրորդը։ Փոխարէնը, Իսրայէլ կը հանդիսանայ Պաքուի հիմնական զէնք մատակարարողը։ Այս ռազմական համագործակցութիւնը նշանակալի դեր խաղաց 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, երբ ազերպայճանական բանակը իսրայէլական յարձակողական անօդաչու սարքեր օգտագործեց հայկական ուժերուն դէմ։ Աւելի՛ն, երկու երկրներն ալ Իրանի նկատմամբ ունին հակադրութիւններ։ Իսկ Իրան Իսրայէլը կը համարէ իր սահմաններուն մօտ գտնուող սուր վտանգ։
Միւս կողմէն, Ազերպայճան շատ սերտ կապեր կը պահպանէ Թուրքիոյ հետ, որ կը սահմանուի «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» արտայայտութեամբ։ Այս դաշինքը յատկապէս ակնյայտ էր արցախեան հակամարտութիւններու ընթացքին, երբ Անգարա վճռորոշ ռազմական եւ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերեց Պաքուին։
Սակայն, 2023 Հոկտեմբերի Կազայի յարձակումէն ի վեր, թուրք-իսրայէլական յարաբերութիւնները վատթարացան։ Նոյեմբեր 2024-ին՝ նախագահ Էրտողան պաշտօնապէս խզեց Թել-Ավիվի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները։ Այսուհանդերձ, Ազերպայճան կը շարունակէ պահպանել ջերմ բարեկամութիւն երկուքին հետ, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր ռազմավարական հմտութիւնը՝ դաշնակիցներու միջեւ բաց թշնամանքի ժամանակ։
Այս կարողութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ Հայաստանի հետ թշնամական յարաբերութիւններու ձեւին տակ, հակառակ ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի կողմէ Պաքուի վրայ գործադրուող ճնշումին՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու համար։ Որքա՞ն ժամանակ Պաքու պիտի կարենայ պահպանել այս դժուարին հաւասարակշռութիւնը՝ աւելի ու աւելի հակասական շահեր հետապնդող գործընկերներու միջեւ։ Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Միացեալ Թագաւորութիւնը արդէն պատիժներ սահմանած է Coral Energy Group-ին եւ անոր ղեկավարներուն, որոնք կը մեղադրուին ազերպայճանական քօղի ներքոյ ռուսական նաւթի վաճառքին նպաստելու յանցանքով։ Լոնտոն կը պնդէ, թէ այս ընկերութիւնը, որ կը գործէ Ռուսաստանի համար ռազմավարական ոլորտի մէջ, անուղղակի կ՚աջակցի անոր, Ուքրաինայի դէմ մղած պատերազմին մէջ։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։