Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«ԱՐԱՍ»-էն նոր հրատարակութիւն. «Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը»

«Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը»

Հեղինակ՝ Վարդուհի Քալանթար

Խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան

2022 Մայիս

Վարդուհի Քալանթար «Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը» յուշագրութեամբ կը ներկայացնէ վկայութիւն մը, որ ունի օսմանեան տարածքին կնոջ մը կողմէ գրուած բանտային առաջին վկայութիւնն ըլլալու առանձնայատկութիւնը։ Համալսարանական ուսման համար ան կը գտնուէր Լօզան, ուրկէ ընտանիքին ղրկած նամակները պատրուակելով ոստիկանութիւնը զինքը 1915-ին կը ձերբակալէ։ Քալանթար մօրն ու հօրը հետ կը դատուի Պատերազմական ատեանին առջեւ եւ դեռ 20 տարեկանին կը բանտարկուի Պոլսոյ Կեդրոնական բանտին (Մէհթէրհանէ) մէջ։ Վարդուհի Քալանթար այս գրուածքով ցոյց կու տայ, որ ամենադժուարին պայմաններու տակ իսկ կարելի է դիմադրել։ «Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը» յուշագրութիւնը հրատարակուած է 1921-1922 թուականներուն, ֆեմինիսթ ծանօթ լրագրող ու գրող Հայկանոյշ Մառքի «Հայ կին» պարբերականին մէջ։ Հեղինակը սուր դիտարկումով կը սեւեռէ մերթ բանտապահները, մերթ քիւրտ, աճէմ, գաղթական կամ արաբ բանտարկեալները՝ մարդաբանական գրուածքի մը նման իր բոլոր գոյներով ներկայացնելով օսմանեան բանտի մը տարբեր կողմերը։

Գիրքը կը վաճառուի Մայիս 20-էն սկսեալ։

 

Հեղինակին կենսագրութիւնը

Վարդուհի Քալանթար 1895-ին ծնած է Պուրսա, ուր հայրն ու մայրը հիմնած էին Քալանթարեան վարժարանը։ 1908-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Պոլիս։ 1911-ին համալսարանական կրթութիւն ստանալու նպատակով կը մեկնի Լօզան։ Աւարտելէ ետք, Լայփցիկի մէջ կը շարունակէ յետհամալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը, սակայն չի կրնար շարունակել զայն, որովհետեւ ամռան արձակուրդին կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը եւ ան չի կրնար լքել Պոլիսը։ Այդ շրջանին մատնութեան մը հետեւանքով խուզարկումի կ՚ենթարկուի տունը եւ կը ձերբակալուի հօրն ու մօրը հետ։ Քալանթար ազատ կ՚արձակուի 1918-ին։ Պատերազմի աւարտին կը մասնակցի հանրային օժանդակութեան աշխատանքներուն, կ՚աշխատակցի «Հայ կին» հանդէսին։ 1922-ին կը գաղթէ ԱՄՆ, ուրկէ անգամ մըն ալ չի վերադառնար իր ծննդավայրը։ Հոն կ՚ամուսնանայ Զաւէն Նալբանդեանի հետ եւ այր ու կին Զարեւանդ գրական անուամբ քաղաքական ու պատմագիտական բազմաթիւ աշխատութիւններ կը ստորագրեն։

Քալանթար 1978-ին կը մահանայ Ուաշինկթընի մէջ։