«Արաս» հրատարակչատունը թրքերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայած է աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղին միւս կողմը» վէպը։ Հատորը թարգմանած է հրապարակագիր, գրագէտ, գիրքերու խմբագիր Ռոպէր Քօփթաշ։
Գիրքը կը բաղկանայ 224 էջերէ։ Կողքը պատրաստած է Մելիսա Արսէնեան։
«Առաստաղին միւս կողմը» վէպը Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղը» վէպի շարունակութիւնն է՝ այս անգամ Սաթենիկի բերնով պատմուած: Վէպին մէջ կը պատմուի հայ ընտանիքի մը գաղթը դէպի արտասահման՝ տուեալ պարագային Գանատա: Ա. դէմքով պատմուող այս վէպին մէջ, շատ հիանալի կերպով կը նկարագրուին երկու աշխարհներու բախումները եւ ստեղծուած հոգեկան տուայտանքները: Հատտէճեանի սոյն վէպը այսօր եւս այժմէական է ու հնչեղ, քանի տակաւին տեղաշարժը կը շարունակուի թէ՛ Արեւելքէն, թէ՛ Հայաստանէն դէպի Արեւմուտք:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։