«Արաս« հրատարակչատունը լոյս ընծայած է ֆրանսահայ գրող, մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի «Ընդառաջում»-ը։
Գիրքը Պըլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոն է, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ պատկերներ ու խորհրդածութիւններ։ Իր չորս բաժիններով, գիրքը ընթերցողը կը խորասուզէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։
Ապրիլ 2025-ին, Հայերէնով հրատարակուած եւ 368 էջ պարունակող հատորին խմբագիրն է Քրիստիան Բատիկեան, իսկ կողքի ձեւաւորման հեղինակն է՝ Վահագն Քէշիշեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։