«Ազերպայճան առանց նախապայմանի պէտք է բանայ Բերձորի միջանցքը»
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու նորանշանակ դեսպանուհի Քրիսթինա Քվին Փետրուար 20-ին իր հաւատարմագրերը յանձնած է Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։
Շնորհաւորելով դեսպանը՝ իր պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելուն կապակցութեամբ, Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստան–ԱՄՆ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բնագաւառներու մէջ։
Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան առնչուող հարցեր:
Հայկական կողմը բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ու ներդրած ջանքերը՝ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ:
Անդրադառնալով Ազերպայճանի կողմէ Արցախի ապօրինի շրջափակման երեւոյթին՝ Միրզոյեան շեշտած է, որ ազերպայճանական կողմը առանց որեւէ նախապայմանի պէտք է վերականգնէ Բերձորի միջանցքի ազատ երթեւեկը՝ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնութեան հիման վրայ: