Փետրուար 15-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մեկնէր Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան, Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։
Նախարարը երկրաշարժէն տուժած Ատըեամանի մէջ հանդիպում կ՚ունենայ հայ փրկարարներուն հետ։
Անգարայի մէջ նախատեսուած է Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի հանդիպումը: