Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Յունուար 18-ին յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու հանդիպման վերաբերեալ սա պահուս համաձայնութիւն չկայ։
“Կրկին, ինչպէս անցած տարի, Թուրքիայի Արտաքին գործերի նախարարութիւնից հրաւէր եմ ստացել մասնակցել Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, ըստ ամենայնի կը մասնակցեմ”,– ըսած է Միրզոյեան աւելցնելով, որ այդ քայլը կարեւոր է նաեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, զարգացնելու եւ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար։