Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արդարադատութեան միջազգային ատեանին յանձնուած է Հայաստանի բողոքը՝ ընդդէմ Ազերպայճանի

 

2023 Յունուար 23-ին, շուրջ մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքէ ետք, Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Արդարադատութեան միջազգային ատեանին յանձնած է Հայաստանի բողոքի ու պահանջներու ամբողջական թղթածրարը՝ ընդդէմ Ազերպայճանի՝ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման համար, միջազգային համաձայնագրի շրջանակին մէջ:

Այդ պահանջները ընդհանուր առմամբ կ՚առնչուին Ազերպայճանի կողմէ տասնամեակներէ ի վեր Հայերու եւ հայկականութեան նկատմամբ տարուող ատելութեան եւ խտրական վերաբերումի հետեւանքով յառաջացած խախտումներու արձանագրութեան եւ պատճառուած վնասի հատուցման: