Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան Թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով անդրադարձած է ազերպայճանական կողմին Մարտ 5-ին կատարած զինեալ յարձակումին՝ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի արձանգանգին, անվստահութիւն յայտնելով վերջինիս նկատմամբ։
«Իմ անվստահութիւնն ու կասկածները Թոյվօ Քլաարի նկատմամբ աւելի են խորանում Ադրբեջանի յանցագործութեան՝ նրա արձագանգի պատճառով: Նա կա՛մ սիրողական դիւանագէտ է, կա՛մ ադրբեջանական ուղեղալուացման ենթակայ է, կա՛մ եղծանուած պաշտօնեայ է, կա՛մ ունի Եւրոպական արժէքների, շահերի եւ մարդու իրաւունքների շեղուած ընկալումներ: Բոլոր չորս տարբերակների դէպքում էլ փոփոխութիւններ են պէտք»,– գրած է ան։
Նշենք, թէ Թոյվօ Քլաար, արձագանգելով Արցախի ոստիկանական կառքին վրայ ազերպայճանական յարձակումին, Թուիթըրի իր էջին գրած էր, որ տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպը կ՚ընդգծէ բանակցութիւններ վարելու խիստ անհրաժեշտութիւնը՝ կայունութեան եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար: Ան նաեւ աւելցուցած էր, որ կը գտնուի Պաքու եւ անհամբեր կը սպասէ Ազերպայճանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներուն՝ Միւնիխի հանդիպումէն ետք խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու համար:
«ՆՅ» – Բեգլարեան որքան ալ իրաւացի ըլլայ իր ցասումին մէջ, արդար ըլլալու համար նշենք, որ Քլաարի գնահատականին յար եւ նմանը կրկնած է նաեւ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Գոլոմինա։ Սա դժբախտաբար կը նշանակէ, որ գործ ունինք Արեւմուտքի որդեգրած տարածաշրջանային ԱՅՍ քաղաքականութեան հետ։ Թէ որո՛ւ բերնով կ՚արտաբերուի ան, այդ կը մնայ երկրորդական հարց։