Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Ազերպայճանի՝ այսպէս կոչուած «աղուանա-ուտիական» համայնքի ներկայացուցիչները պղծած եւ քանդած են Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Ծիծեռնավանքի հայկական եկեղեցւոյ եզակի շուրֆը

2023 Ապրիլ 22-ին, Ազերպայճանի՝ այսպէս կոչուած «աղուանա-ուտիական» համայնքի եւ Աստուածաշնչային ընկերակցութեան նախագահ Ռոբերտ Մոպիլիի Դիմագիրքի էջին տեղադրուած են Քաշաթաղի Ծիծեռնավանքէն լուսանկարներ, որոնց ուղեկցող բնագրին մէջ ի մասնաւորի նշուած է․ «Աղօղլան հին աղուանական եկեղեցի այցելութեան եւ աղուանական ծիսակատարութիւններ»-ու մասին:

Լուրը կը հաղորդէ monumentwatch.org կայքը։

«Այցելութեան նպատակը այդ օրերուն՝ Ապրիլ 22-23-ին, Ազերպայճանի մէջ Ռամատանի ամսուան աւարտին նշուող տօնին կարեւորութիւնը ընդգծելն էր, որ կ՚ապացուցէ այցի՝ պետականօրէն հրահանգուած ըլլալու փաստը եւ հայկականը իւրացնելու/ազերպայճանականացնելու յստակ ծրագիրը»,– նշուած է կայքին հաղորդագրութեան մէջ։

Ռոբերտ Մոպիլիի տեղադրած լուսանկարներէն յայտնի կը դառնայ, որ «աղուանա-ուտիական» կոչուող համայնքի ինքնահնար ծիսակատարութիւններով պղծուած է Ծիծեռնավանքը, վնասուած Սուրբ սեղանը, քանդուած՝ անոր յատակին խնամքով պահուած շուրֆը։ Ըստ Ալեքսան Յակոբեանի՝ շուրֆը Ծիծեռնավանքի եզակի երեւոյթներէն մէկն էր՝ ուր կաւաշաղախ յատակին ագուցուած էր գինիի կարասը (Յակոբեան Ա., Պատմա-աշխարհագրական եւ վիմագրագիտական հետազօտութիւններ. Արցախ եւ Ուտիք, Մխիթարեան հրատարակչութիւն, Վիեննա-Երեւան 2009, 129-212)։

«Աղուանա-ուտիական» կոչուող համայնքի ներկայացուցիչներու այցելութիւններով հայկական պատմական եկեղեցիները կը հռչակուին  աղուանա-ուտիական եւ եւ այս այցելությիւնն ալ հայկական եկեղեցիներու պատմութեան ոչնչացման հոլովոյթին մէկ մասն է։ Յիշեցնենք, որ նախապէս ալ անոնք այցելած եւ ուտիական հռչակած էին Դադիվանքի վանական համալիրը, Հադրութի Սպիտակ Խաչ վանքը, Մատաղիսի Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին, Հադրութի շրջանի Ծակուռիի Սուրբ Աստուածածին եւ Տողի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները, Ասկերանի շրջանի Ջրաղացներ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ շարք մը այլ եկեղեցիներ։