Պաքուի պնդումները, թէ հայկական կողմը Յունիս 17-ին կրակ բացած է ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, հերքուած է Երեւանի կողմէ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Ազերպայճան հող կը պատրաստէ իր յաջորդական գրգռութիւններուն համար։
Միւս կողմէ, Արցախ օրերէ ի վեր ամբողջովին պաշարուած է։ Պաքու արգիլած է մարդասիրական բեռներու փոխադրութիւնը։ Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած է, որ պահեստի ալիւր եւ վառելիքը տակաւին բաւարար են, բայց եթէ քանի մը օր ալ այսպէս շարունակուի, այլեւս դեղ եւ սնունդ պիտի չգտնուի եւ մարդիկ կրնան սովամահ ըլլալ։
Արցախի Ազգային ժողովի երեսփոխան Մետաքսէ Յակոբեանի վկայութեամբ՝ Արցախի մէջ խանութները սա պահուս դատարկ են եւ նոյնիսկ կտրօնով կարելի չէ սննդամթերք գնել։ “Պարէնի հետ կապուած բնակչութեան մէջ մի փոքր խուճապ կայ”,– ըսած է ան։
Նշենք, թէ Յունիս 18-ի առտուան կանուխ ժամերուն հակառակորդի զինեալները տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զէնքերէ կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան (Վերին Շորժա, Սոթք) և հարաւարեւելեան (Ներքին Հանդ) շրջաններու հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Բարեբախտաբար հայկական կողմէն կորուստ չկայ։