Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Արայիկ Յարութիւնեան յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Ապրիլ 24-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ու երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: