Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման պահանջով կեանքի կոչուած ժողովրդական շարժումի Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ դէպի Հակարիի կամուրջ խաղաղ երթ կը նախապատրաստուի։
Օգոստոս 2-ի երեկոյեան, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ շարուած հանրակառքերուն վրայ գրուած էր՝ «խաղաղ երթ դէպի Հակարի»։
Երթը կազմակերպողները կը նախատեսեն հանրակառքերով մօտենալ Հակարիի կամուրջին. «Երթի ընթացքին բացառուած է ուժի կիրարկումը եւ բռնութիւնը։ Երթին կը մասնակցին նաեւ Արցախցի կիները։ Սա հասարակական ցոյց է եւ իշխանութիւնը որեւէ կապ չունի այս արարքին հետ, միայն թէ պէտք էր որոշ միջոցներ տրամադրէր, որ տրամադրած է»,– նշուած է Շարժումի Դիմագիրքի էջին վրայ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։