Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Ձերբակալուած է զօր. Սամուէլ Կարապետեան

Մայիս 10-ի երեկոյեան, Ստեփանակերտի «Վերածննդի» հրապարակին հնչած են կրակոցներ, որոնց հետեւանքով վնասուած է Ստեփանակերտի բնակիչի մը պատկանող կառքը, տեղեկացուցած է Արցախի դատախազութիւնը։

«Դէպքի առթիւ յարուցուել է քրէական գործ քրէական օրէնսգրքի 269-րդ յօդուածի 4-րդ մասով (խուլիգանութիւն, որը կատարուել է զէնքի կամ որպէս զէնք օգտագործուող առարկաների գործադրմամբ) եւ 245-րդ յօդուածի 1-ին մասով (ապօրինի կերպով հրազէն ձեռք բերելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) նախատեսուած յանցանքների յատկանիշերով»,– ըսուած է դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Դատախազութենէն յայտնած են, որ ենթադրեալ յանցագործութեան որպէս կասկածեալ ձերբակալուած է Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի Ս.Կ.-ն:

ՍիվիլՆեթի համաձայն՝ ձերբակալուածը Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ, զօր. Սամուէլ Կարապետեանն է (Օգանովսկի)։