Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Վիտալի Բալասանեան հիւանդանոց փոխադրուած է

Արցախի հերոս, Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեան հիւանդանոց փոխադրուած է։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է փաստաբան Ռաֆայէլ Մարտիրոսեան:

“Վիտալի Բալասանեանը սրտի հետ կապուած խնդիր ունի, այժմ հետազօտութիւններ են իրականացւում, որոնցից յետոյ պարզ կը դառնայ, թէ ինչ միջամտութիւնների կարիք կայ”,– նշած է փաստաբանը, որ նախապէս նաեւ պնդած էր, թէ Բալասանեանի մարմնին վրայ բռնութեան հետքեր առկայ են։

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ Յուլիսի 13-ին, իրաւապահները ձերբակալած էին Վիտալի Բալասանեանը: Ան ձերբակալուած է Արցախի Հանրապետութեան պատժական օրէնսգիրքին 337 յօդուածի առաջին մասին համապատասխանող յանցանք գործելու կասկածանքով: Այդ յանցանքը կը վերաբերի՝ իշխանութեան ներկայացուցչի կամ անոր մերձաւոր մէկ ազգականին կեանքին կամ առողջութեան ուղղուած ոչ-վտանգաւոր բռնութիւն գործադադրելու կամ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքի, մեղադրուողի՝ իր ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին։