Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի 30.000 երախաները զրկանքներու կ՚ենթարկուին

Արցախի Հանրապետութեան Մարդկային իրաւանց պաշտպանը եւ Իրաւունքի ու արդարութեան «Թաթոյեան» հիմնադրամը հրապարակած են անգլերէնով միատեղ զեկոյց մը, ուր ներկայացուած են Ազերպայճանի կողմէ ամբողջական շրջափակման հետեւանքով Արցախի երախաներու իրաւունքներու խախտումները։

Արցախի Մարդկային իրաւանց գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ ազերպայճանական անօրինական վարքագծի հետեւանքով Արցախի երախաներուն համար ստեղծուած են առողջական, հոգեբանական, ընկերային բարդ խնդիրներ։

79 օրէ ի վեր շարունակուող շրջափակման եւ անոր զուգահեռ կենսական նշանակութեան ենթակառոյցներու՝ կազի ու ելեկտրականութեան խափանումներու հետեւանքով Արցախի 30.000 երախաները զրկանքներու ենթարկուած են եւ խաթարուած է անոնց՝ անվտանգ ու ապահով միջավայրի մէջ ապրելու եւ զարգանալու կարելիութիւնը։

Առկայ իրավիճակը լուրջ սպառնալիք է երախաներու՝ պատշաճ սնուելու, ազատ տեղաշարժի, կրթութեան, ընտանեկան երդիքի տակ ապրելու իրաւունքներու եւ հոգեբանական անձեռնմխելիութեան ապահովման համար։

Զեկոյցը ուղարկուած է երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն։