Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ապահովութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) հաղորդած են, թէ թրքական արտադրութեան գիւղատնտեսական մթերքի՝ Արցախեան շուկայի մէջ յայտնուելու դէպքին շուրջ ԱԱԾ-ի կողմէ ձեռնարկուած քննութիւններու շնորհիւ պարզուած է, որ նշեալ ապրանքները Արցախ բերուած են Հայաստանէն, ուր ազատօրէն կը վաճառուին։
ԱԱԾ-ի կողմէ ամբողջութեամբ հերքուած է վարկածը, թէ յիշեալ մթերքը ազերպայճանական կողմի միջոցով արցախեան շուկայ մուտք գործած է:
Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակումով ստեղծուած դժնդակ պայմաններուն մէջ, սնանկացման եզրին կանգնած տարբեր տնտեսվարողներ յաճախ կը փորձեն զանազան եղանակներով որոշ ապրանքներ փոխադրել Արցախ:
Նկատի ունենալով այդ քայլին վտանգաւոր բնոյթը, ԱԱԾ-ն, համագործակցելով ռուսական խաղաղապահ ուժերուն հետ, պիտի շարունակէ միջոցներու ձեռնարկել շրջափակման պայմաններու տակ Արցախ փոխադրուող մարդասիրական բեռներու անվտանգութիւնն ու հսկողութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ: