Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Սերկէյ Ղազարեան

 

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագրով՝ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Սերկէյ Ղազարեան:

Նախագահական մէկ այլ հրամանագրով Դաւիթ Բաբայեան ազատ կացուցուած է Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի պաշտօնէն: 

Սերկէյ Ղազարեան ցարդ կը վարէր Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչի պաշտօնը: