Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ Ազերպայճանի կողմէ հրադադարի խախտումները

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Մարտ  2-ին եւ 3-ին Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազերպայճանական բանակին կողմէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարի խախտումները՝ նշելով, որ Արցախի ապօրինի շրջափակումը անյապաղ վերացնելու անհրաժեշտութեան համածիրին մէջ մարդասիրական եւ ենթակառոյցներու նիւթով կողմերու միջեւ կայացած քննարկումներէն անմիջապէս ետք կատարուած Ազերպայճանի գործողութիւնները ակնյայտօրէն կը վկայեն այդ երկրին  դժկամութիւնը՝ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու մասին։

Նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ընէ զսպելու Ազերպայճանի զինեալ գործողութիւնները, որոնք կը միտին ուժի ճամբով լուծելու հարցերը։