Փետրուար 16-ին, Մասաչուսէցի մայրաքաղաք` Պոսթընի կեդրոնը գտնուող, նահանգային պալատի մուտքին, աւելի քան հարիւր հայորդիներ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպած են, զօրակցելով Արցախի շրջափակուած քաջարի ժողովուրդին, որ 2020-ին դիմադրելէ ետք Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յարձակումին, այս անգամ զրկուած է սնունդէ, վառելանիւթէ եւ զանազան այլ անհրաժեշտութիւններէ:
Ցուցարարները պաստառներով եւ լոզունգներով պահանջած են, որ բացուի այսպէս կոչուած ազերպայճանցի «բնապահ»-ներու կողմէ փակուած Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած այս հաւաքին, խօսք առած են զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։