Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի կառավարութիւնը կը գործակցի ՀՕՄ-ին հետ՝ Սուրիահայերու օժանդակութեան համար

 

Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական կեդրոնը կը յայտարարէ.

«Սուրիոյ  մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու ու աւերածութիւններու, որոնցմէ զգալիօրէն տուժեց նաեւ տեղւոյն հայ համայնքը: Աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հայեացքը այժմ ուղղուած է երկրաշարժին հետեւանքով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ հայկական համայնքին:

Հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն, Արցախի կառավարութիւնը գործակցելով Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղին հետ որոշում  կայացուց միանալու համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն՝ կազմակերպելով դրամահաւաք: Զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ կոչ կ՚ուղղենք  Արցախի մէջ ապրող քաղաքացիներուն աշխուժօրէն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու բնական աղէտէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:

Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու իրարու սատար ըլլալու անկեղծ ջանքերով կարելի է յաղթահարել  բնութեան արհաւիրքներն ու  արհեստածին մարտահրաւէրները»: