Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի ձայն «Ապառաժ»-ը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Արցախի ձայնը համարուող «Ապառաժ» թերթը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։ Վերջին թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Արցախի ժողովրդի բռնի տեղահանութիւնից յետոյ «Ապառաժ»-ը արցախեան միակ լրատուականն էր, որ շնորհիւ իր նուիրուած խումբին` չդադարեցրեց իր աշխատանքը։

Ցաւօք, արցախցիների ընկերային կացութիւնը այլեւս հնարաւորութիւն չի տալիս նման կարգով գործունէութիւնը շարունակելու։
Տեղեկացնում ենք, որ նիւթական դժուարութիւնների պատճառով, 2025 Յուլիսի 1-ից “Ապառաժ”-ը դադարեցնում է իր աշխատանքը»։