Մասնաւորաբար, Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութիւնը կազմակերպելու ընթացքին անփոյթ վերաբերում դրսեւորելու, ծառայողական պարտականութիւնները ոչ-պատշաճ կատարելու եւ իր այդ թերացումներով ծանր հետեւանքներ պատճառելու ամբաստանութիւններով մեղադրուող Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի նախագահի խորհրդական զօր. Միքայէլ Արզումանեան Սեպտեմբեր 1-ին բանտարկուեցաւ։ Այս կապակցութեամբ անոր փաստաբանը՝ Երեմ Սարգսեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-
«Ինչպէս եւ ակնկալւում էր՝ դատարանը կատարեց իր առաքելութիւնը եւ կալանաւորեց Միքայէլ Արզումանեանին։ Շօուն շարունակւում է…»։ ■