Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ, Երեւան, Արցախի Արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեան, Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հանդիպում ունեցած են Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամիի հետ։
Այս կապակցութեամբ, Գեղամ Ստեփանեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է.
«Շնորհակալութիւն ենք յայտնել Ադրբեջանի կողմից Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի փակման հետեւանքով Արցախում ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի գծով Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի ընդունմանը սատարելու եւ Արցախի ժողովրդի իրաւունքներին, ազատութիւններին եւ անվտանգութեան ցուցաբերուող մշտական աջակցութեան համար։
Քննարկել ենք շրջափակման հետեւանքով առաջացած մարդասիրական խնդիրներն ու դրանց յաղթահարման ուղիները, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանի յանցաւոր քաղաքականութեանը հակազդելու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք տարբեր գործողութիւններ»։