Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Պետական նախարար. «Նահատակուած զինուորներու մարմինները Հայաստան փոխադրելու շուրջ կառավարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները»

Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտարարած է, թէ ազերպայճանական զինեալ յարձակումին նահատակուած Սամուէլ Թորոսեանի եւ Երուանդ Թադեւոսեանի մարմինները,– անոնց հարազատներու փափաքով,– Հայաստան փոխադրելու շուրջ կառավարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները՝ Կարմիր Խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակին հետ։

Ներսիսեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով նաեւ հաղորդած է.

«Այսօր (Յունիս 30-ին) մասնակցել եմ 2023 Յունիս 27-ի լոյս 28-ի գիշերը Ադրբեջանի զինուած ուժերի ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով զոհուած՝ Մարտունու շրջանի Գիշի համայնքի բնակիչներ Արմէն Աբգարեանի եւ Գագիկ Բալայեանի յուղարկաւորութեան՝ Արցախի իշխանութիւնների ցաւակցութիւնը յայտնելով զոհուածների հարազատներին եւ Գիշեցիներին:

Ա. Աբգարեանի, Գ. Բալայեանի, Ս. Թորոսյեանի եւ Ե. Թադեւոսեանի անձնազոհութիւնը չի մոռացուելու, իսկ նրանց ընտանիքները լինելու են պետութեան եւ հանրութեան հոգածութեան ու պաշտպանութեան ներքոյ»։