«Աւրորայի լուսաբացը» վաւերագրական կենդանապատկեր ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Անըսիի փառատօնին (2022 Յունիս 14-էն 18): Լուրը հաղորդած է Հայաստանի ազգային ֆիլմերու կեդրոնը:
Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ «Աւրորայի լուսաբացը»,– որու բեմագիրն ու բեմադիրն է Իննա Սահակեան,– այն բացառիկ ֆիլմերէն է, որ ժամանակակից «լեզուով» աշխարհին կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջին՝ Հայոց ցեղասպանութեան ցաւը կրող Աւրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) հերոսական պատմութինը:
Ֆիլմը նկարահանած է «Պարս մետիա» ընկերութիւնը: